2012-10-11 13:21:30

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց երեսուն­եօթերորդ – Գլուխ Գ.ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՆ`
ՄԻԱԿ, ՍՈՒՐԲ, ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՒ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ (3)

Հարցում թիւ 131. Ի՞նչ ընելու ենք քրիստոնեաներու միութեան համար։
Խօսքով ու գործով մենք պէտք է մտիկ ընենք Քրիստոսի, որուն բացայայտ կամքն է որ բոլորը մէկ ըլլան (Յովհաննէս, 17,21)։
Երիտասարդ թէ տարէց, քրիստոնեաներու միութիւնը աշխատանք մըն է որ բոլոր քրիստոնեաներուն կը վերաբերի։ Միութիւնը Յիսուսի ամենաջերմ փափաքներէն մին եղաւ. Ան աղօթեց Հօրը` ըսելով. Թող բոլորը մէկ ըլլան… որպէսզի աշխարհը հաւատայ թէ դուն ղրկեցիր զիս (Յովհաննէս 17,21)։ Բաժանումները կը նմանին վէրքերու` Քրիստոսի մարմնոյն մէջ, անոնք ցաւ կը պատճառեն եւ կը թարախոտին։ Բաժանումները կ՛առաջնորդեն դէպի թշնամութիւն, անոնք կը տկարացնեն հաւատքը եւ քրիստոնեաներու հանդէպ համարումը։ Որպէսզի բաժանումներու գայթակղութիւնը աշխարհէն արմատախիլ ըլլայ, հարկ է որ իւրաքանչիւրը դարձի գայ, բայց ունենայ նաեւ աւելի լաւ հասկացողութիւն մը իր սեփական համայնքի հաւատքին եւ անոր տարբերութիւններուն միւսներուն հետ. Իսկ ամէնէն աւելի` հարկ է որ գոյութիւն ունենան հասարակաց աղօթք եւ համագործակցութիւն քրիստոնեաներու միջեւ, ի սպաս մարդկութեան։ Գալով Եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն` պէտք չէ թողուն որ ընդհատուի միութենական երկխօսութիւնը։
Հարցում թիւ 132. Ինչու՞ Եկեղեցին սուրբ կը կոչենք։
Եկեղեցին սուրբ է ոչ թէ որովհետեւ իր բոլոր անդամները սուրբ են, այլ որովհետեւ Աստուած սուրբ է եւ ան է որ կը գործէ Եկեղեցւոյ մէջ։ Եկեղեցւոյ բոլոր անդամները սրբացուած են մկրտութեամբ։
Ամէն անգամ որ թոյլ կու տանք աստուածային Երրորդութեան գործելու մէր մէջ, մեր սէրը կ՛աճի, կը սրբանանք եւ կը բուժուինք։ Սուրբերը սիրահարներ են, ոչ որովհետեւ միւսներէն աւելի լաւ սիրել գիտեն, այլ որովհետեւ Աստուած յուզած է անոնց սիրտը։ Անոնք կը փոխանցեն մարդոց այն սէրը զոր ստացած են Աստուծմէ, սակայն իրենց յատուկ եղանակով, որ յաճախ ինքնատիպ է։ Հասնելով Աստուծոյ մօտ` իրենք եւս կը սրբացնեն Եկեղեցին, որովհետեւ իրենց ՙերկինքը կ՛անցընեն՚ մեզի նեցուկ հանդիսանալով Սրբութեան ճամբուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.